2009-11-08 14:17:54

Լուրեր հայկական կեանքէն`


Լուրեր հայկական կեանքէն`
Արամ սրբազանի հանդիպումը նախագահ Կիւլի հետ - Պոլսոյ Ժամանակ թերթէն կիմանանք, թէ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի լուսարարապետ եւ կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ արք Աթէշեան, Փարիզ հրաւիրուած էր մասնակցելու համար Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ եղանակի ծիրէն ներս կազմակերպուած Բիւզանդիոնէն դէպի Պոլիս խորագրով մեծ ցուցահանդէսին։ Փարիզի նշանաւոր Կրան Փալէի մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսին բացումը կատարեց Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի, Թուրքիոյ նախագահ Ապտալա Կիւլի ներկայութեան։ Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցած են, որ ցուցահանդէսի բացման ընդունելութեան ընթացքին Արամ սրբազանը տեսակցութիւն ունեցած է նախագահ Կիւլի հետ, որու հետ էին արտաքին գործոց նախարար Ա Տաւութօղլու, պետական նախարար Էկէմէն Պաղըշ, Պոլսոյ գլխաւոր քաղաքապետ Գատիր Թոփպաշ։ Փարիզ կեցութեան ժամանակ Արամ արք Աթէշեան տեսակցութիւն մը ունեցած է նաեւ Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Նորվան արք Զաքարեանի հետ։

Սան Ֆրանսիսքօ - Ամերիկահայ քաղաքացիներու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 2010-2011 ուսումնական տարեշրջանին համար կրթաթոշակներու դիմումնագիրներ սկսած է ընդունիլ հայազգի համալսարանական ուսանողներէ: Միութիւնը կը տեղեկացնէ նաեւ, թէ 2009-2010 տարեշրջանին 16,000 տոլար կրթաթոշակ տրամադրած է հայ ուսանողներու: Հետաքրքրուողները կրնան դիմել www.aaclca.org համացանցային կայքին միջոցաւ Յակոբ Գուճաքեանին՝ info@aaclca.org, կամ Scholarship Awards Chair, P.O. Box 12569, San Francisco, CA 94112 հասցէով:
«ArmTech 2009» Համաժողովին Պիտի Մասնակցի Հայաստանէն 40 Ընկերութիւն Քալիֆորնիոյի Սիլիքոն հովիտին մէջ Նոյեմբեր 5-8ին կայացող եւ Հայաստանի վարչապետի հովանաւորութիւնը վայելող բարձր արհեստագիտութեան տարեկան «ArmTech» համագումարին Հայաստանէն կը մասնակցին 40 ընկերութիւններ: Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան զարգացման պետական խորհուրդի գործադիր քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, թէ համահայկական այս համագումարին, որ իր տեսակին մէջ երրորդն է, բարձր արհեստագիտութեան մասնագէտներու եւ գործարարներու կողքին պիտի մասնակցի նաեւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան։ Համագումարի կազմակերպման աշխատանքները համադրած է Զարգացման հայկական գործակալութիւնը: «ArmTech»ը կը նկատուի համագործակցութեան վայր մը, ուր երկխօսութեան մէջ կը մտնեն ոչ միայն աշխարհասփիւռ հայերը, այլ նաեւ օտարազգի մասնագէտներ», աւելցուց ան: Ըստ Ա. Գրիգորեանի, եռօրեայ ծրագրին մաս կը կազմեն ընդհանուր նիստեր, զեկոյցներ, որոնք կը վերաբերին բարձր արհեստագիտութեան: Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսներն են Հայաստանէն ու Միացեալ Նահանգներու պետական պաշտօնատարներ, բարձր արհեստագիտութեան ոլորտի մասնագէտներ եւ կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ըստ Ռուս Պաշտօնատարին՝ Հայ-Թրքական Կապերը Երրորդ կողմի մը չեն վնասեր։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին «Ռեսփուպլիքա Արմենիա» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Հայաստանն ու Թուրքիան Ռուսաստանի համար բարեկամ երկիրներ են եւ այդ պատճառով Մոսկուան շահագրգռուած է երկու երկիրներու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատմամբ։ Ըստ անոր, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութիւնը չի կրնար երրորդ կողմի մը վնաս հասցնել: Քարասին նաեւ յայտարարած է, որ Մոսկուա պատրաստ է աջակցելու երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին՝ պահպանելով իր սերտ կապերը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ հետ։
Հայաստանի Ներկայացուցիչը ՄԱԿի Մէջ Շեշտած Է ԼՂՀի Ինքնորոշման Իրաւունքը Նիւ Եորքի մէջ ընթացող ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի 64րդ նստաշրջանին՝ «ինքնորոշման իրաւունք» օրակարգային թեմային շուրջ կայացած են քննարկումներ, որոնց ընթացքին ելոյթներ ունեցող երկիրներու պատուիրակութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կարգին՝ եղած են նաեւ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը։ Նոյն աղբիւրին տուեալներով, Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը սովորականին նման փորձած է վերադասել տարածքային ամբողջականութիւնը միջազգային իրաւունքի միւս սկզբունքներէն, իսկ ՀՀ ներկայացուցիչը՝ իր հերթին անդրադառնալով մարդու իրաւունքներու հիմնարար սկզբունքներէն մէկուն՝ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման, կարեւոր նկատած է միջազգային չափանիշներուն համապատասխան ԼՂ ժողովուրդին կատարած ընտրութիւնը: Հայաստան նշած է, որ 21րդ դարուն, ինքնորոշման իրականացման հետ կապուած խնդիրները լուծելու համար, պէտք է գերակշռող ըլլայ քաղաքական կամքը, հակառակ պարագային, այդ իրաւունքին ոտնահարումը կրնայ յանգիլ ողբերգական հետեւանքներու:







All the contents on this site are copyrighted ©.